2016-03-07 13:53:00

Վատիկանի վերին իշխանութեան հոգեւոր կրթութեան երկրորդ օրը` '' ինչո՞ւ կը վախնաք''։


(Ռատիօ Վատիկան) Արիչչա գիւղաքաղաքին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ու Վատիկանի վերին իշխանութեան Սուրբ Զատկուայ ի պատրաստութիւն, քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութեան երկրորդ նիստի նիւթը հանդիսացաւ ''Այն ատեն աշակերտներուն ըսաւ, ինչո՞ւ կը վախնաք տակաւին հաւատք չ՛ունիք'', քաղուած Մարկոսի Աւետարանէն գլուխ չորս, 40-րդ համար։

Այս առընչութեամբ Հոգեւոր Կրթութեան քարոզիչ Հայր Էրմէս Ռոնքի խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ''Վախի եւ հաւատքի'' վրայ հաստատելով թէ Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ Խօսքը միշտ կը կրկնէ ''Մի Վախնար։ Մի Վրդովիր''։

Վախը ըսաւ Հայր Ռոնքի քաջութեան պակաս չէ լոկ, այլ վստահութեան պակաս է։ Վախ` որովհետեւ սխալ ըմբռնում ունինք Աստուծոյ դիմագիծի նկատմամբ, Ադամի եւ Եւայի նման կը մտաբերենք Աստուած մը որ կ՛առնէ եւ ոչ թէ Աստուած մը որ կու տայ, կը պարգեւէ։

Յիսուս աշակերտներուն նման կը վախնանք  փոթորիկէն երբ մենք զմեզ լքուած կը զգանք, կարծես Աստուած կը ննջէ, մինչ մենք կ՛ուզենք որ Ան անմիջապէս միջամտէ, եւ ահա Ան մեր մօտ կանգնած մեզի թիկունք կը կանգնի եւ մեզի լոյս ու յոյս կը ներշնչէ։

Աստուած չի փրկեր տառապանքէն այլ տառապանքի մէջ, չի փրկեր ցաւէն այլ ցաւին մէջ չի փրկեր խաչէն այլ խաչի միջոցաւ։ Ան ինքզինք կը նուիրէ մեզի։ Աւետարանը աշխարհ չի բերաւ հարցերու լուծում այլ հալածանք ու խաչեր եւ Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ թէ վախը յաղթահարելու միակ ուղին` հաւատքն է։

Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը կայանայ վախը խափանելու մէջ։ Երկար տարիներ Եկեղեցին փոխանցեց վախով խառնուած հաւատք մը։ Եւ Վախը կը յառաջացնէ տխուր քրիստոնեաներ եւ առանց ուրախութեան Աստուած մը։ Մինչ Եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է հաւացեալները ձերբազատել Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած վախէն ու փոխանցել Ողորմած Աստուծոյ դիմագիծը։

Իսկ 7 Մարտի յետմիջօրէի խորհրդածութեան նիւթը հանդիսացաւ ''Դուք էք երկրի աղը. Եթէ աղը կորսնցնէ իր համը, ինչ՞ով պիտի համեմուի'' (Մատթ. 5,13).








All the contents on this site are copyrighted ©.